Ուաշինկթըն Իրանի Մէջ 6 Կամուրջներ Ռմբակոծեց, Իսկ Թեհրան, Սուրիան, Յորդանանն Ու Ծոցի Շրջանի Երկիրներ Հարուածեց

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 8 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուած են իբրեւ հետեւանք ամերիկեան շարք մը յարձակումներու, որոնք թիրախաւորած են «ենթակառոյցներ», իսկ Թեհրան թիրախաւորեց Սուրիան, Յորդանանը, Քաթարը, Քուէյթն ու Պահրէյնը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ յարձակում գործած է Սուրիոյ Թանաֆ շրջանին մէջ ամերիկեան գործողութիւններու կեդրոնին վրայ:

Յորդանանեան բանակը յայտարարեց, թէ վնասազերծած է թագաւորութեան հողերը թիրախաւորող իրանեան երեք հրթիռներ:

Իրան նաեւ յարձակում գործեց Քաթարի վրայ, ուր մայրաքաղաք Տոհայի մէջ պայթումի ձայներ լսուեցան:

Քաթարի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ քաթարեան զինեալ ուժերը դէմ դրած են հրթիռային յարձակումի մը, որ թիրախաւորած է երկիրը` շեշտելով, որ կը շարունակէ դէմ դնել օդային շարք մը յարձակումներու:

Քաթարի ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ մանուկ մը վիրաւորուած է հրթիռի մը վնասազերծումէն ետք բեկորի մը իյնալուն պատճառով:

Իրանեան բանակը յայտնեց, որ անօդաչու թռչող սարքերով եւ «Արշ» տիպի քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Պահրէյնի վրայ եւ թիրախաւորած Քուէյթի մէջ ամերիկեան ուժերու եւ անոնց գումակային աջակցութեան կեդրոնները` հակադարձելով ամերիկեան յարձակումներու, որոնք թիրախաւորած են Իրանի հարաւի շարք մը շրջաններու մէջ կամուրջներ եւ ենթակառոյցներ:

Բանակը ըսաւ, որ նաեւ թիրախաւորած է Պահրէյնի մէջ ամերիկեան կեդրոններ եւ սարքեր:

ԻՐՆԱ նաեւ հաղորդեց, որ Հորմուզղան նահանգին մէջ ամերիկեան բանակին կողմէ Քհորասթան եւ Ղարիոհ կամուրջներուն վրայ յարձակումի պատճառով արձանագրուած են 8 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ, եւ երկու անձեր ալ վիրաւորուած են Պանտար Ապպասի մէջ երկաթուղիի հանգրուանի դէմ ամերիկեան յարձակումի պատճառով:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակը Հորմուզղան նահանգին մէջ 5 կամուրջներու վրայ յարձակում գործած է: Պայթումներ տեղի ունեցած են հարաւային Պուշահր քաղաքին եւ Քաշամ կղզիին մէջ:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշեց, որ ամերիկեան բանակը ուղղութիւնը փոխած է երեք առեւտրական նաւերու, որոնք փորձած են Իրանի դէմ հաստատուած շրջափակումը խզել, ինչպէս նաեւ նաւարկումը խանգարած է մէկ այլ նաւու մը, որ մերժած է հրամանի ենթարկուիլ:

«Հորմուզի նեղուցն ու մերձակայ շրջանները ազատ եւ նաւարկումի առջեւ բաց կը մնան, բացի այն նաւերէն, որոնք կը փորձեն ամերիկեան շրջափակումը խախտել», յայտնեց ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկի Եի բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու իրենց յանձնառութիւններուն եւ յարգելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի փոխըմբռնման յուշագիրը:

Ուանկ Եի նշեց, որ անհրաժեշտ է, որ կողմերը յարգեն յուշագիրին կէտերը եւ գործադրեն այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

 

 

Leave a Comment