Սպիտակ տունը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի օր պիտի մասնակցի Սպանիոյ եւ գործող ախոյեան Արժանթինի միջեւ տեղի ունենալիք Մոնտիալի աւարտական մրցումին:
Սպիտակ տան բանբեր Քերոլայն Լեւիթ յայտարարեց, որ Թրամփ ուրբաթ օր պիտի ըլլայ Նիւ Եորք` Մանհաթընի «Թրամփ Թաուըր»-ին մէջ տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի ընդունելութեան մասնակցելու համար, իսկ կիրակի օր պիտի մասնակցի «ՄեթԼայֆ» մարզադաշտին մէջ աւարտական մրցումին:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ նախապէս յայտարարած էր, որ Թրամփի հետ միասին բաժակը պիտի յանձնեն յաղթող խումբին:
Ո՛չ Թրամփը, ո՛չ ալ փոխնախագահ Ճէյ. Տի Վանսը մինչեւ հիմա մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի հիւրընկալած աշխարհի ախոյեանութեան 102 հանդիպումներէն որեւէ մէկուն:
Ամերիկեան կառավարութեան անդամները ներկայ եղած են Միացեալ Նահանգներու ազգային հաւաքականի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցած են Քալիֆորնիոյ եւ Սիեթըլի մէջ:
Սպիտակ տան բանբերը նշած է, որ նախագահ Թրամփի մասնակցութեամբ պիտի եզրափակուի «Ամերիկայի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ դիտուած, ամէնէն ապահով եւ ամէնէն յաջողած Աշխարհի ախոյեանութիւնը»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես կիրակի օր Մոնտիալի աւարտականին դարձեալ հանդիպում պիտի ունենայ Թրամփի հետ` «երկու ղեկավարներուն միջեւ ռազմական ծախսի եւ Իրանի հետ պատերազմին պատճառով լարուած յարաբերութիւններու շարունակման ենթահողի տակ: