Մոսկուա. «Ինչպէս Նախապէս, Մենք Պատրաստ Ենք Պահանջուած Աջակցութիւնը Ցուցաբերելու Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Լիարժէք Կարգաւորման»

Ինչպէս նախապէս, մենք պատրաստ ենք պահանջուած աջակցութիւնը ցուցաբերելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Էական ներուժ ունի «3+3» շրջանային համագործակցութեան հարթակը, որ կը միաւորէ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը: Այս մեքանիզմը կոչուած է նպաստելու որեւէ շրջանային հարցի եւ մարտահրաւէրի լուծման նոյնինքն շրջանի երկիրներու եւ անոնց դրացիներու ուժերով` առանց դուրսէն ապակառուցողական միջամտութեան:

«Մեզի համար կարեւոր են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Ինչպէս նախապէս, պատրաստ ենք պահանջուած աջակցութիւնը ցուցաբերելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման, ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման, սահմաններու սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերը: Այս հոլովոյթներու «ճամբու քարտէսները» ընդգրկուած են 2020-2022 թուականներուն բարձր մակարդակով ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Leave a Comment