Այն պնդումները, թէ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը որեւէ ձեւով շանթաժի կ՛ենթարկէ, ներառեալ Իրանի հարցով, չեն համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին ամերիկացի հաղորդավար Ճօ Ռոկըրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս:
«Ես լսած եմ այն պնդումը, որ Իսրայէլ Տանըլտ Թրամփը շանթաժի ենթարկած է: Ատիկա պարզապէս ճիշդ չէ: Ես անձամբ ներկայ եղած եմ որոշումներու կայացման: Ինծի համար այն գաղափարը, որ Թրամփը շանթաժի կ՛ենթարկեն, անհեթեթութիւն է: Թրամփի հետ նման բան չի յաջողիր», ըսաւ Վանս:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ սեռային յանցագործ Ճեֆրի Էփշթայն իսրայէլեան խորքային պետութեան ձախակողմեան թեքումի տէր անդամներու հետ կապ ունէր:
Ան նաեւ Էփշթայնը ամբաստանեց իսրայէլեան եւ ամերիկեան քաղաքականութեան հետ խոր կապեր ունենալու յանցանքով` նշելով, որ յստակ է, թէ ամերիկեան հետախուզութեան հետ բարձրագոյն մակարդակի կապեր ունի, եւ յստակ է, որ իսրայէլեան հետախուզութեան հետ բարձր մակարդակի կապեր ունի:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յայտնեց, որ Էփշթայն կապեր ունէր Մոսատի, «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ որեւէ այլ խորքային պետութեան հետ: