Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Չմասնակցի 17 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեանութեան

27 յուլիսէն 2 օգոստոս տեղի պիտի ունենայ պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը Պաքուի մէջ` Ազրպէյճան:

Հայաստանի հաւաքականը բնականաբար քաղաքական պատճառներով պիտի չմասնակցի այս ախոյեանութեան, մինչ այլ երկիրներու հաւաքականներու կազմերուն մէջ հանդէս կու գան հայկական ծագում ունեցող երկու ըմբիշներ:

Ազատ ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 60 քկ կշիռի կարգին մէջ Ռուսիոյ հաւաքականի կազմին հետ Պաքու կը մեկնի Սերկէյ Կարմրեան:

Աղջկանց ըմբշամարտի մինչեւ 53 քկ կշիռի կարգին մէջ Մոլտովայի հաւաքականը կը ներկայացնէ Ռուսլանա Կարապետեանց:

Աւելի կանուխ, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցութենէն հրաժարած էր նաեւ հայկական ծագում ունեցող ամերիկացի ըմբիշ Գալուստ Կրեկորի Թորոսեան:

Միացեալ Նահանգներու հաւաքականի անդամը եւ մինչեւ 17 տարեկաններու «Եու. Էս. Օփըն 2026» մրցաշարքի ախոյեանը պէտք է հանդէս գար Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, սակայն որոշած է հրաժարիլ մասնակցութենէն: Մարզիկը այդ մասին յայտնած էր «Ուորլտ Թիմ Թրէյնինկ Սենթըր»-ի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Բացատրելով իր որոշումը` Թորոսեան նշած էր, որ իբրեւ ամերիկահայ եւ քրիստոնեայ չի կրնար անտեսել Պաքու մեկնելու հետ կապուած հաւանական վտանգները: Իր ուղերձին մէջ ան նշած էր հայկական քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը, հայ գերիներու արգելափակումը, ինչպէս նաեւ հայկական ծագում ունեցող մարդոց նկատմամբ թշնամական մթնոլորտ ստեղծելու քայլերը:

Ան քանի մը նամակներ ալ ղրկած էր Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին եւ մարզիկներու յանձնախումբի նախագահ Արսէն Ջուլֆալակեանին: Ինչպէս նշած էր Թորոսեան, ան իր հարցումներուն պատասխան չէր ստացած:

Leave a Comment