Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա հասաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուան, դարձի մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք Լաթվիոյ Ռիկային դէմ մրցումին:
Երթին Հայաստանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթական Արարատ Արմենիա առաջին կիսախաղին իսկ 2-0 արդիւնքով կը մնար, երբ մարզիչ Մանուէլ Թուլիփայի ցուցմունքներով Հայաստանի ախոյեանը շատ աւելի լաւ էր Բ. կիսախաղին:
14-րդ վայրկեանին Արարատի յետսապահ գիծի սխալէն օգտուելով Իակօ Սիքէյրա բացաւ մրցումին հաշիւը: 9 վայրկեան ետք Ահմետ Անքրահ կոլ մը եւս նշանակեց Արարատի բերդին մէջ:
Բ. կիսախաղի սկիզբէն Արմէն Ամբարձումեան փոխարինեց Էտկար Գրիգորեանը, որ բաւական ձախող ելոյթ ունեցաւ:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, Ժիրայր Շաղոյեան կրցաւ կոլ մը նշանակել` յոյս ներշնչելով մարզիկներուն եւ համակիրներուն:
63-րդ վայրկեանին պրազիլցի Սանտրօ Լիմա շատ գեղեցիկ հարուածով նշանակեց Արարատի հաւասարութեան կոլը:
Այս կոլէն ետք, հայկական ակումբը երկու մրցումներու հաշիւով յարմար վիճակի մէջ էր:
Ռիկա շարունակեց յարձակիլ եւ 90 վայրկեաններէն ետք աւելցուած վայրկեաններուն (94-րդ վայրկեանին) նշանակեց կոլ մը` փենալթիով, բայց որովհետեւ մրցումներու հաշիւով 4-3 արդիւնքով յառաջացած էր, Արարատ Արմենիա կրցաւ հասնիլ յաջորդ հանգրուան:
Բ. հանգրուանին Արարատ Արմենիա պիտի մրցի Իրլանտայի Շեմրոք Ռովըրզի դէմ, որ 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մալթայի Ֆլորիանան: Երթին Մալթայի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտուած Ռովըրզ կրցաւ 5-3 երկու մրցումներու հաշիւով անցնիլ յաջորդ հանգրուան: