2026-ի Մոնտիալ. Սպանիա Յաջողեցաւ Զսպել Ֆրանսան, Որ 2-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Կրեց

Միքել Օյարսապալ փենալթով բացաւ Մոնտիալի առաջին ճակատումի արդիւնքը, ուր Սպանիա կրցաւ զսպել Ֆրանսան եւ հասնիլ իր 2-րդ աւարտականին 2010-էն ի վեր:

Սպանիա, որ Մոնտիալի սկիզբէն գեղեցիկ ֆութպոլ չէր կիրարկեր, թաքթիքով շատ աւելի լաւ էր, քան Ֆրանսան, որուն մարզիչը` Տիտիէ Տեշան բաւական «կորսուած» վիճակ մը ունէր: Թէ ինչո՛ւ շատ լաւ ելոյթներ ունեցող Մանու Քոնէն փոխարինուած էր Օրելիեն Չուամենիով, մարզիչը գիտէ: Մինչ ձախ ծայրի պաշտպան Լուքաս Տինը, որ քանի մը օր առաջ միացած էր Փարիզ Սեն Ժերմենին, բնաւ չկրցաւ զսպել Լամին Եամալը, եւ փենալթի մըն ալ նուիրեց Սպանիոյ:

Սպանիա դաշտին կեդրոնը տիրապետած էր, եւ ինչպէս ըսած էինք, որ թուղթի վրայ Ֆրանսա շատ աւելի լաւ է, քան Սպանիան, այդպէս ալ եղաւ, եւ Ֆրանսա չկրցաւ թուղթէն դուրս գալով դաշտին վրայ իշխել, ուր Սպանիա շնորհիւ խմբապետ Ռոտրիի, Ֆապիան Ռուիսի եւ Տանի Օլմոյի, շատ աւելի լաւ էր, քան Չուամենի-Ռապիօ-Օլիսէ եռեակը:

Իրականութեան մէջ Սպանիա այդքան ալ լաւ ֆութպոլ չխաղցաւ, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսենք գեղեցիկ ֆութպոլը կամ լաւ ֆութպոլը չէ, որ կը յաղթէ այլ լաւ թաքթիքով խաղցողը:

Տը Լաֆուենթէի տղաքը կոլ մը եւս նշանակեցին 58-րդ վայրկեանին, երբ Տանի Օլմոյի փոխանցումէն ետք Փետրօ Փորրօ կրցաւ առանձնանալ բերդապահին հետ եւ գնդակը բերդին մէջ զետեղեց ֆրանսացի բերդապահ Մենիամի վրայէն:

Քիլիան Էմպափէ բաւարար գնդակ չստացաւ եւ 3 անգամ փորձեց հարուածել դէպի Ունայ Սիմոնի բերդը, բայց ապարդիւն:

Ան ձախողեցաւ իր 3-րդ յաջորդական աւարտական մրցումին հասնիլ, եւ այժմ 3-րդ դիրքին համար պիտի մրցի շաբաթ կէս գիշերին` յոյսով, որ կոլերու իր հաշիւը աւելցնէ:

Leave a Comment