Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պիտի շարունակուի Ազրպէյճանի հետ սերտ համակարգումով: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 2026 թուականի գործունէութեան ծրագիրին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Ազրպէյճանի աջակցութիւնը առաւել եւս պիտի ուժեղացուի` Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման նպաստելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու նպատակով:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութիւն, բարեկեցութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար թուրք-հայկական եւ հայ-ազրպէյճանական հոլովոյթները պէտք է ընթանան համակարգուած ձեւով:
«Նպատակ դրուած է, որ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը երկկողմանի եւ բազմակողմ նախաձեռնութիւններու միջոցով պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ կայունութեան: Ատոր հետ մէկտեղ, շրջանին մէջ կարգաւորման հոլովոյթներու ծիրին մէջ Ազրպէյճանի հետ մեր սերտ համակարգումը եւ համագործակցութիւնը վճռականօրէն պիտի շարունակուին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ: