14 յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ «Ազրպէյճանի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալները եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան հրամայականը» խորագիրով համաժողովին:
Նախաձեռնութեան համակազմակերպիչներն են` Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Քոսթաս Մաւրիտես (S&D, Կիպրոս) եւ Միրիամ Լեքսման (EPP, Սլովաքիա), իսկ կազմակերպչական աջակցութիւնը կը կատարէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը: Ներկայ է նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, Պաքուի մէջ ապօրինաբար պատանդ պահուող Դաւիթ Իշխանեանի որդին:
Համաժողովի նպատակն է ներկայացնել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու իրավիճակի արդիական գնահատականը:
Պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով քրէական հետապնդումներու, կամայական կալանաւորումներու եւ խիստ դատավճիռներու վերաբերող մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ազդեցութիւնը Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու քաղաքականութեան եւ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ:
Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող բռնագրաւուած Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին` Արմէն Իշխանեան, որ շեշտեց, թէ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները այսօր Ազրպէյճանի կողմէ կ՛օգտագործուին Հայաստանի դէմ:
«Ինչպէս հայրս ըսած է` այս դատավարութիւնը ուղղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Հետեւաբար, Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները այսօր Ազրպէյճանի կողմէ կ՛օգտագործուին Հայաստանի դէմ: Այս հանգամանքը լրջօրէն հարցականի տակ կը դնէ իրական խաղաղութեան հանդէպ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը», նշեց Իշխանեան:
Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի վրայ Եւրոպայէն քաղաքական ճնշումները չեն երեւիր:
Իշխանեան դիտել տուաւ, թէ հակառակ անոր որ իր հօրը հետ հեռաձայնային կարճ զրոյցներ կ՛ունենան, սակայն անոր պահման պայմաններուն եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ իրենց անհանգստութիւնները չեն փարատած: