Այսօր ժամը 16:00-ին Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Լիբանանի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով մրցում մը պիտի կատարէ Հարաքեթ Շապապի դէմ:
Պատերազմին պատճառով յետաձգուած ախոյեանութիւնը, որ վերջապէս պիտի շարունակուի, յուսանք աւելի լաւ կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ-ի համար, որ տակաւին չնչին յոյսեր ունի Բ. դասակարգ բարձրանալու: Բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը 4 մնացեալ մրցումները պէտք է անպայման յաղթեն` այդտեղ հասնելու համար:
Այս հանգրուանին գծով երկու մրցումներ արդէն իսկ տեղի ունեցան, ուր առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալ 7-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ժալիլ Քանան (3-րդ), մինչ 7-րդ եւ նախավերջին դիրքը գրաւող Թաուֆիր 3-1 անակնկալ արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հորր Ամելին (6-րդ): Յաղթանակի պարագային, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 19 կէտերու կը հասցնէ կէտերու իր հաշիւը` գերազանցելով Ժալիլ Քանան (18 կէտ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ կը սպասուի լուրջ մօտեցում, եւ կանուխէն կոլ մը նշանակելով կոլերը կրնան յաջորդել զիրար, բան մը, որ կրնայ մթնոլորտը ինչպէս նաեւ տրամադրութիւնները բարձրացնել մնացեալ մրցումներուն ընթացքին:
Այսօր նաեւ Ահլի Սայտա պիտի մրցի Իժթիմահիի դէմ, Ահտի դաշտին վրայ: