Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը երէկ շարունակեցին փոխադարձ հարուածները:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ Քուէյթի Մինա-Ապտալլա շրջանին մէջ ամերիկեան զինեալ ուժերու թիկունքային ապահովման եւ աջակցութեան կեդրոնը հրթիռով հարուածած եւ ոչնչացուցած է:
Պահակագունդի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, Հորմուզի նեղուցը փակ պիտի ըլլայ, քանի տակաւին Միացեալ Նահանգներ չեն դադրեցուցած Իրանի դէմ թշնամական գործողութիւնները:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ նշեց, որ Պահրէյնի մէջ Միացեալ Նահանգներու 5-րդ նաւատորմիղի ռազմակայանի վառելանիւթի պահեստները եւս ոչնչացուած են:
Ըստ տեղեկութեան, պահակագունդը հարուածներ հասցուցած է կառավարման եւ հրամանատարական կեդրոնին, պահեստամասերու եւ զինուորական ճարտարագիտութեան մեծ պահեստներուն, ինչպէս նաեւ ռազմակայանի վառելանիւթի պահեստնեուն:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ ամերիկացի զինուորները աւարտած են Իրանի դէմ հարուածներու հերթական շարքը եւ յարձակումի ընթացքին հարուածած են տասնեակ թիրախներ` Հորմուզի նեղուցին եւ Իրանի ծովեզերեայ շրջաններուն մօտ:
Հրամանատարութիւնը նշեց, որ յարձակումը տեւած է եօթը ժամ:
«Եօթը ժամեայ ալիքի ընթացքին ամերիկեան հալածիչները, անօդաչու թռչող սարքերը եւ նաւերը բարձր ճշգրտութեան զինամթերքի օգնութեամբ հարուածներ հասցուցած են իրանեան հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու տեղակայման վայրերուն, ծովուժի միջոցներուն եւ ծովեզերեայ պաշտպանութեան համակարգերուն», յայտնեց հրամանատարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իրանի դէմ հարուածները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ ըսեմ, որ բաւ է»:
«Իրանը այս գիշեր, վաղը եւ միւս օր ուժեղ կերպով պիտի հարուածենք, եւ վերջնական փուլին պիտի թիրախաւորենք ուժանիւթի կայաններն ու կամուրջները», նշեց ան` աւելցնելով. «Անոնց բոլոր կամուրջները պիտի թիրախաւորենք, եթէ բանակցութեան սեղան վերադառնալու չհամաձայնին»:
«Միացեալ Նահանգներ երեքշաբթի օր Իրանի հետ բանակցեցան: Միացեալ Նահանգներ Իրանը յորդորեցին գործարք կնքելու», ըսաւ ան:
«Իրանցիներուն յայտնեցինք, թէ պէտք է համաձայնութեան հասնին, այլապէս իրենց ոչինչ պիտի մնայ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Պիտի չստորագրեմ համաձայնութիւն մը, որ Իրանի հիւլէական զէնք չունենալը չ՛երաշխաւորեր», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրան հիւլէական զէնք ձեռք բերելէն երկու շաբթուան հեռաւորութեան վրայ էր, եւ եթէ անոր հիւլէական դիրքերը չռմբակոծուէին, կարելի պիտի չըլլար ատիկա արգիլել»:
«Կը հետեւինք Ֆաըս լերան դիրքին` այդտեղ շարժումներու գոյութեան մասին տեղեկութիւններէ ետք, եւ եթէ Իրան որեւէ քայլ կատարէ, անմիջապէս պիտի հակադարձենք», յայտնեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուց. «Ունինք զէնքեր, որոնք կարող են մեծ խորութեան հասնիլ, «եւ տեսախցիկներով կը հետեւինք իրանեան Ֆաըս լերան դիրքին»:
«Պատերազմը պիտի շարունակուի մինչեւ որ որոշեմ, որ անոր վերջ տալու ժամանակը հասած է», ըսաւ ան:
«Հրամայեցի Իրանի քարիւղի կառոյցները չհարուածել` համաշխարհային տնտեսութեան վրայ անոր ազդեցութենէն խուսափելու համար: Եթէ ստիպուինք, կրնանք հետագային Իրանի քարիւղը թիրախաւորել», նշեց Թրամփ:
«Անպա Էլեքթրոնիա»-ի սեփական աղբիւր մը յայտնեց. «Մագլցումի մակարդակը արագօրէն կը բարձրանայ, սակայն, ինչպէս կը թուի, նախկին ճակատումի շրջագիծին պէս պիտի չըլլայ, հակառակ այն իրողութեան, որ Թրամփ Քոնկրեսը պաշտօնապէս տեղեակ պահեց Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումէն»: