Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն շաբաթ օր պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան աւելցուցած է, որ Նեթանիահու կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպում ունենալ, սակայն յստակ չէ, թէ պիտի հանդիպի՞, կա՞մ ոչ:
Նախապէս Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էին, եւ ըստ Նեթանիահուի գրասենեակին, համաձայնած «շուտով Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպելու»: Հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, չէր նշուեր, թէ հանդիպումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Նեթանիահու շաբաթ օր Ուաշինկթըն պիտի ճամբորդէ, եւ Թրամփի հետ տակաւին ժամադրութիւն չկայ»: