Մարոքի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Տարածքային հսկողութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ տրամադրուած ճշգրիտ հետախուզական տեղեկութեան հիման վրայ` Դատական հետաքննութիւններու կեդրոնական գրասենեակը կրցած է կանխարգիլել նախապատրաստման եւ ծրագրաւորման յառաջադէմ փուլերու մէջ գտնուող ծայրայեղ վտանգաւոր ահաբեկչական դաւադրութիւնները, որոնք նպատակ ունէին լրջօրէն խաթարել հասարակական կարգը եւ անհատներու ու գոյքի անվտանգութիւնը:
«Այդ դաւադրութիւններու իրականացման մասնակցած են ծայրայեղականներ, որոնք աշխատած են Ափրիկեան Սահել շրջանին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան մասնաճիւղի գումակային համակարգման եւ գործնական աջակցութեամբ»:
Ապահովական գործողութիւնն ու ձերբակալութիւնները միաժամանակ կատարուած են մարոքեան շարք մը քաղաքներու մէջ, որոնց շարքին Աքատիրի, Թարուտանթի, Քազապլանքայի, Հաժեպի, Թաթուանի, Ֆաքիհ Պըն Սալեհի եւ Ասֆիի մէջ:
Ձերբակալուած են 10 անձեր, որոնց շարքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի հիմամբ նախկին ձերբակալեալ մը եւ դեռատի մը: