Եթէ Ռուսիան Վրաստանի տարածքի 20 առ հարիւրին նկատմամբ մեր գերիշխանութիւնը չի ճանչնար, ապա տիկին Քայա Քալլասը Վրաստանի տարածքի 100 առ հարիւրին նկատմամբ մեր գերիշխանութիւնը չի ճանչնար: Ասիկա ամբողջովին ամօթալի վերաբերմունք է:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան վրացական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ` մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի երէկ կատարած յայտարարութիւնը:
Ան Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչին կողմէ Վրաստանի ժողովուրդի կամքը չճանչնալն ու ատոր հակազդելը կոչած է չափազանց լուրջ եւ ամօթալի երեւոյթ:
Նշենք, որ Քայա Քալլաս Պրիւքսելի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը ոչ թէ Վրաստանի կառավարութեան կ՛աջակցի, այլ` վրացի ժողովուրդին: