Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Թուրքիա

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով անցեալ շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Թուրքիա:

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, այցելութեան շրջագիծին մէջ Հասանով մասնակցած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ազգային համալսարանի Միացեալ ռազմական հաստատութեան «Միացեալ հրամանատարութեան կառավարում» դասընթացքին, ինչպէս նաեւ Ցամաքային զօրքերու, Ռազմաօդային ուժերու եւ Ռազմածովային ուժերու հաստատութիւններու «Հրամանատարութեան կառավարում» դասընթացքներու աւարտական արարողութիւններուն:

Այս արարողութիւններուն ժամանակ ելոյթ ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Հասանով վկայականներ յանձնած է դասընթացքները աւարտած ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներուն:

 

Leave a Comment