Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը նշեց, որ իսրայէլեան ապահովական համակարգը մեծապէս մտահոգ է Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ մատակարարելու Ուաշինկթընի մտադրութենէն` մեկնելով օդային գերակայութեան մաշումի, օդանաւին տկար կէտերուն վերաբերեալ զգայուն տեղեկութիւններու սպրդման եւ Անգարայի այդ օդանաւերու նորոգութեան «շրջանային կեդրոն» ստեղծելու ջանքերուն նկատմամբ մտավախութիւններէ:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի համար օդային գերակայութիւնը շքեղութիւն չէ, որովհետեւ, եթէ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներ մատակարարէ, Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու ուժերու շրջանային հաւասարակշռութիւնը վտանգաւոր սպառնալիքի կ՛ենթարկուի:
Օրաթերթը կը նշէ. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գործունէութիւնը Իսրայէլին պատճառ կու տայ մտահոգուելու: 7 հոկտեմբերէն ի վեր Համաս շարժումը որակեց «ազատագրական շարժում», Իսրայէլը կոչեց «ահաբեկչական պետութիւն» եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն համեմատեց Ատոլֆ Հիթլերի հետ` նշելով, որ Թուրքիան կրնայ «Իսրայէլ մտնել», ինչպէս ըրաւ Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային: 2025 թուականի մարտին, Ֆիթրի տօնին առիթով յայտարարութիւններու ժամանակ, ան կոչ ուղղեց «սիոնական Իսրայէլը քանդելու եւ ոչնչացնելու»:
«Ասիկա սովորական դիւանագիտական քննադատութիւն չէ, այլ հռետորաբանութիւն ղեկավարի մը, որ հրէական պետութիւնը կը նկատէ թշնամի, որ պէտք է պարտութեան մատնել, նուաստացնել եւ, ի վերջոյ, վերացնել», գրեց օրաթերթը:
«Էրտողանի գլխաւորութեամբ Թուրքիան Իրան չէ, սակայն երբ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը հրապարակաւ կոչ կ՛ուղղէ ոչնչացնելու Իսրայէլը եւ 7 հոկտեմբերի կոտորածէն ետք Համասին կ՛աջակցի, իսրայէլացիները ճիշդ կ՛ընեն, որ անոր խօսքերը բառացիօրէն կ՛առնեն», կը նշէ «Ետիոթ Ահրոնոթ»` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այսօր պէտք է Էրտողանին ըսէ, թէ «Էֆ-35»-ները ամբողջովին վերցուած են սեղանէն»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ինչպէս կը սպասուի, իր թուրք պաշտօնակից Էրտողանին պիտի տեղեկացնէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները պատրաստ են Անգարային արտօնել «Էֆ-35» հինգերորդ սերունդի հալածիչներու վաճառքը:
Ըստ ամերիկեան օրաթերթի տեղեկութիւններուն, առայժմ անհասկնալի է, թէ Թրամփ ճիշդ ինչպէ՛ս մտադիր է այդ քայլը կատարել ու շրջանցել Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներու մատակարարման վերաբերեալ Քոնկրեսի արգելքը: Ամերիկեան վարչակազմի անանուն ներկայացուցիչները ենթադրած են, որ Թուրքիա «Էֆ-35» ծրագիրին վերադարձնելու հոլովոյթը սկսելու համար ղեկավարները կրնան պաշտօնական նամակներ փոխանակել:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարները չեն բացառած, որ Սպիտակ տան ղեկավարը տակաւին կրնայ միտքը փոխել:
Յունիսի վերջաւորութեան պրիւքսելեան «Եուրաքթիւ» կայքը յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան վերադառնալ Թուրքիան «Էֆ-35» օդանաւեր վաճառելու գաղափարին, եթէ ան հրաժարի իր ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն, սակայն զանոնք Ռուսիոյ չվերադարձնէ, այլ վաճառէ «երրորդ երկրի»: