Շարհ Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Առաջին Նիստի Բացման

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ մասնակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի առաջին նիստի բացման` ներկայութեամբ արտաքին գործոց, ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն:

Շարհ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանեց, իսկ երեսփոխանները իր ներկայութեան կատարեցին իրենց սահմանադրական երդումը` մեկնարկը տալով խորհրդարանի աշխատանքին եւ սահմանադրական առաքելութեան:

Սուրիոյ խորհրդարանի, ներառեալ լրացուցիչ մէկ երրորդը, որուն ցուցակը հրապարակուած էր 1 յուլիսին, ձեւաւորումը կը հանդիսանայ ժամանակաւոր ընտրական համակարգով նախատեսուած անցումային սահմանադրական մեքանիզմ` նպատակ ունենալով ապահովել երկրին մէջ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք ստեղծուած բացառիկ պայմաններուն մէջ ժողովի գործելու կարողութիւնը:

Անիկա Սուրիոյ մէջ մնայուն օրէնսդրական բնորդ չի նկատուիր, այլ` ներկայ փուլին առնչուած ձեւաչափ:

 

Leave a Comment