Ուիմպըլտընի թենիսի աղջկանց աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ երկու չեխ թենիսվումըններ պիտի մրցին իրենց առաջին կրան շլեմի տիտղոսին համար:
Արդարեւ, թիւ 12 դասուած Լինտա Նուքովա 21 տարեկանին իր ասպարէզի ամէնէն յաջող մրցաշարքը կը բոլորէ` հասնելով առաջին կրան շլեմի աւարտականին: Նախապէս ան 2024-ին իր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած էր` հասնելով Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականին:
Նոսքովա իր 6 մրցումներուն միայն 2 սեթ կորսնցուց, այդ ալ Բ. հանգրուանին Քամիլա Օսորիոյի դէմ եւ Գ. հանգրուանին ռումանացի վեթերան Սորանա Քիրսթէայի դէմ: Նոսքովա մինչեւ աւարտական դուրս ձգած էր ամերիկացի Մետիսըն Քիզը, Էլիզ Մերթենսը եւ կիսաւարտականին ուքրանացի Մարթա Քոսթիուքը (թիւ 13):
Իր ազգակից Քարոլինա Մուչովա (29 տարեկան), որ 2023-ին հասած էր Ռոլան Կարոսի աւարտականին, շատ աւելի դժուար մրցակիցներ ունէր եւ իր կարգին միայն 2 սեթ կորսնցուց մինչեւ աւարտական:
2023-ին թենիսվումըններու դասաւորման 8-րդ դիրքը հասած Մուչովա այժմ թիւ 9 դասուած է եւ շահելով Ուիմպըլտընի տիտղոսը վստահաբար աւելի բարձր դիրքի կրնայ հասնիլ:
Ան մինչեւ աւարտական դուրս ձգած էր իր ազգակից Պարպորա Քրէյչիքովան, Նաոմի Օզաքան եւ կիսաւարտականին 22 տարեկան Քոքօ Կաֆը` 6-2, 1-6 եւ 7-6 (12-10) արդիւնքով: Կաֆ, որ թիւ 7 դասուած էր, թիւ 1 թեկնածուն էր` նկատի ունենալով, որ ան նախապէս շահած էր Ռոլան Կարոսն (2025) ու «Եու. Էս. Օփըն»-ը (2023):