Հինգշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ» զտումի առաջին հանգրուանին ելոյթ ունեցան Հայաստանը ներկայացնող Փիւնիկն ու Ալաշկերտը:
Փիւնիկ կը մրցէր Մալթայի մէջ, Մարսաշլոք ակումբին դէմ: Հայկական խումբը գրեթէ ամբողջութեամբ իշխեց իր մրցակիցին վրայ եւ 11 լուրջ վտանգներ արձանագրեց մրցակիցի բերդին վրայ, բայց միայն 3 կոլ կրցաւ նշանակել:
Կինէի յառաջապահ Մոմօ Եանսանէ փենալթիով նշանակեց Փիւնիկի առաջին կոլը` 41-րդ վայրկեանին:
Բ. կիսախաղին Եանսանէի փոխանցումէն օգտուեցաւ Արտակ Դաշեան, որ ռմբային հարուածով գրաւեց Մալթայի ակումբին բերդը:
65-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք գնդակը հասաւ կիպրացի Իասոնաս Փիքիսի, որ 3 վայրկեան առաջ փոխարինած էր Եանսանէն, սակայն անոր հարուածը զսպուելէ ետք Մարսաշլոքի բերդապահէն, հասաւ ռուս յառաջապահ Միխայիլ Քովալենքոյին, որ նեղ անկիւնէն գնդակը զետեղեց մրցակիցի բերդին մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ Մարսաշլոք պիտի այցելէ Փիւնիկի դաշտը` դարձի մրցումին:
Ալաշկերտ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ղազախստանի Ելիմէյ Սեմէյ խումբը:
Առաջին կիսախաղին մրցումը ի նպաստ մրցակիցին էր, բայց կոլեր չնշանակուեցան: Բ. կիսախաղին Ալաշկերտ շատ աւելի լաւ էր, բայց 60-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ պաշտպանողական պզտիկ փուլէ մը օգտուելով, սակայն պաշտպան Դաւիթ Տէրտէրեան գլխու գեղեցիկ հարուածով նշանակեց Ալաշկերտի հաւասարութեան կոլը` խմբապետ Կարէն Նալպանտեանի քոռնըրէն ետք:
Ալաշկերտ 55-րդ վայրկեանին մօտ 35 մեթրէն ցնցեց Ղազախստանի ակումբի հորիզոնական ձողը` նիկերիացի Օլաուալէ Ֆարայոլայի շնորհիւ:
Յոյսով, որ յառաջիկայ շաբաթ մրցակիցի դաշտին վրայ Ալաշկերտ յաղթէ եւ հասնի Բ. հանգրուան: