Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Լիբանան մուտք գործելու համար ոչ մէկ կողմէն հրաման առինք, եւ այդտեղ մնալու համար արտօնութեան կարիք չունինք»:
«Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ պիտի մնանք եւ այդտեղ պիտի գործենք, մինչեւ որ Հըզպալլան ամբողջ Լիբանանի մէջ զինաթափուի», ըսաւ Քաց:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Քաց այդպիսով կը պատասխանէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ յայտնած էր, որ կը կարծէ, թէ Իսրայէլ Լիբանանէն պիտի հեռանայ: