Պըրրի. «Խորհրդարանը Իր Բոլոր Երեսփոխաններով Կը Կանգնի Պահ Դրուած Գումարներու Ելեւմտական Բացի Օրէնքին Ճամբով Ամբողջական Վերադարձը Ապահովելու Ետին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց Միջազգային դրամական ֆոնտի դիտարկումներուն համապատասխանող նոր տեսքով վերադարձուած դրամատուներու վերադասաւորման առնչուած օրինագիծն ու օրէնքները աւարտին հասցնելու խորհրդարանի մտադրութիւնը:

Ան Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Զուիցերիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանները ընդունելուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանը իր բոլոր երեսփոխաններով կը կանգնի պահ դրուած գումարներու ելեւմտական բացի օրէնքին ճամբով ամբողջական վերադարձը ապահովելու ետին, եւ ատիկա վերաշինութեան մէջ հիմնական ու դիւրացնող ազդակներէն կը նկատուի:

 

Leave a Comment