Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իրեն Հըզպալլայի վերաբերեալ խոստում մը տուած է:
Թրամփ Թուրքիայէն Ուաշինկթըն վերադարձի ընթացքին նախագահական օդանաւին վրայ լրագրողի մը «Շարհը կուսակցութեան հետ գործ ունենալու հարցին մէջ օգնութեան վերաբերեալ որեւէ խոստում տուա՞ւ» հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Այո՛, այդ մէկը ըրաւ»:
«Ան հոյակապ աշխատանք կը կատարէ: Ան Սուրիան միաւորեց: Պիտի չբացայայտեմ ինծի ինչ ըսաւ, սակայն, այո՛, խոստումներ տուաւ: Ան այս գիշեր հոյակապ էր», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը: