Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Կառչած կը մնանք Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման հոլովոյթին, Իրանի հետ պիտի մնանք մարտի դաշտին մէջ, եւ պիտի չընկրկինք»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին եւ ըսաւ. «Պէտք է բոլորս աշխատինք Լիբանանէն ամերիկեան հոգատարութիւնը վերցնելու համար»:
«Մենք կառչած ենք այս ընտրանքին, որովհետեւ ան իր օգտաշատութիւնը փաստեց, եւ մեզի համար յաւելեալ ուժ է: Առանց Իրանին Դիմադրութեան դիմադրողականութենէն ետք զինադադար պիտի չըլլար, այսինքն` գոյութիւն ունի երկեակ` Դիմադրութեան ու Դիմադրութեան ժողովուրդի դիմադրողականութիւնը հիմքն է, իսկ Իրանի աջակցութիւնը` երկրորդ հիմք եւ իսկական ուժ»:
«Իսրայէլացին պիտի չհաստատուի, եւ այս հողը ազատագրելու համար ամէն բան պիտի ընենք եւ զայն պիտի ազատագրենք», նշեց ան:
«Եթէ Իսրայէլ մտածէր առանձինը գրել այս համաձայնութիւնը, չէր կրնար զայն իրագործել, առանց Ամերիկայի եւ լիբանանեան իշխանութիւններու գործակցութեան: Լիբանանեան իշխանութիւններուն կնքած շրջագծային համաձայնութիւնը ամբողջովին ի շահ Իսրայէլի է», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ ետդարձ կատարելու, եւ մենք սադրանքի մէջ պիտի չներքաշուինք, սակայն ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեզի վնասել: Մեր ձայնը բարձր պիտի հնչէ, եւ մեր դիրքորոշումը վճռական պիտի ըլլայ ի շահ գերիշխանութեան եւ Լիբանանի մէջ մարդու իրաւունքներուն», նշեց ան:
Շէյխ Քասեմ խօսքը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Դուն կ՛ըսես «մեզի լուծում ցոյց տուէք», ես քեզի լուծում մը ցոյց կու տամ. մենք քեզի հետ միասին բանակցութիւնը կ՛ընդունինք, սակայն առնուազն ոչ ուղղակին, երբ անուղղակի բանակցութիւն ըլլայ»: