Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքի տղոց եւ աղջկանց տարբեր մրցումները տարբեր ուղղութեամբ կ՛երթան:
Աղջկանց պարագային քառորդ աւարտական հասած էին լաւագոյն 10 մարզիկներէն 4-ը, որոնցմէ մէկը դուրս մնաց, մինչ տղաքը աւելի հաստատ էին, ուր լաւագոյն 10 թենիսմեններէն 6-ը հասան քառորդ աւարտական:
Մնալով տղոց մրցումներուն ծիրին մէջ, նախկին թիւ 1 վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ իր երիտասարդութիւնը յիշելով 5 ժամ 14 վայրկեաններու ընթացքին դուրս ձգեց աշխարհի թիւ 4 թենիսմեն Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմը` 7-6, 3-6, 6-3, 6-7 եւ 7-6 (10-4) արդիւնքով:
25 տարեկան ֆրանսացին մրցումի աւարտին ուժաթափ էր, մինչ Ճոքովիչ, որ 39 տարեկան է, աւելի աշխուժ էր: Այժմ Ճոքովիչ ինքզինք պէտք է գտնէ թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըրի դէմ, որ 2 ժամ 37 վայրկեանի ընթացքին դուրս ձգած էր գերմանացի 36 տարեկան Եան-Լենարտ Շթրուֆը (թիւ 74):
Աղջկանց ամէնէն բարձր դասուած թենիսվումընը (քառորդ-աւարտականին)` Ճեսիքա Փեկուլա (թիւ 4), 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք առաջին սեթը, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով կորսնցուց երկու սեթերն ու մրցումը` իր համաքաղաքացի Քոքօ Կաֆի (թիւ 7) դէմ ճակատումի ընթացքին: Ամերիկացի Կաֆ պիտի մրցի չեխ Քարոլինա Մուչովայի դէմ (թիւ 10), որ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով դուրս ձգեց Նաոմի Օսաքան (թիւ 14): Օսաքա դուրս ձգած էր թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքան: