Սպերցեան Պաշտօնապէս Միացաւ Ահլիին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ, Կրասնոտարի խմբապետ եւ միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Սպերցեան պաշտօնապէս միացաւ Ահլիին:

Սպերցեանի փոխանցման մասին յայտնած են Ահլի եւ Կրասնոտար: Ըստ այժմու տեղեկութիւններուն, պայմանագրութիւնը 4+1 ձեւաչափով է, այսինքն` 4 տարուան պայմանագրութիւն, որ կրնայ աւելնալ մէկ տարով: Փոխանցման արժէքը կը կազմէ 20 միլիոն եւրօ, եւ ֆութպոլիսին աշխատավարձը կրնայ հասնիլ տարեկան 6 միլիոն եւրոյի:

Պայմանագրութիւնը ստորագրելէ առաջ Սպերցեան յաջողութեամբ անցուց բժշկական քննութիւնները: Այս բոլորը ամբողջացնելէ ետք Սպերցեան միացաւ Ահլիին, որ այժմ կը գտնուի Աւստրիա, ուր ուսումնամարզական հաւաք կ՛ունենայ խումբը` պատրաստուելու 2026-2027 եղանակին:

Սպերցեանի ռուսական ակումբը` Կասնոտար, ջերմ խօսքերով հրաժեշտ տուաւ իր խմբապետին: Ակումբին մէջ նշած են, որ Սպերցեան ակումբի ամէնէն լաւ սաներէն մէկն էր եւ «ցուլեր»-ուն հետ 185 մրցումներ կատարած է` նշանակելով 58 կոլ եւ 44 էսիսթ: Կոլերու թիւով ան ակումբի պատմութեան երկրորդ առաւելագոյն կոլեր նշանակող մարզիկն է:

 

 

Leave a Comment