Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա խումբը «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներու իր առաջին ելոյթին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիոյ ախոյեան Ռիկային:
Հայկական ակումբի կոլերը նշանակեցին Ուկօ Օլիվէյրա եւ Քարլոս Ֆրանսա: Արարատ Արմենիա խումբին փորթուգալցի մարզիչը որդեգրած էր 4-3-3 խաղաոճը, եւ անսպասելի որոշումով Ուկօ Օլիվէյրա միջնապահ դիրքի վրայ կը խաղար, հակառակ անոր որ ան յետսապահ մըն էր, բայց պէտք է ըսել, որ ան եղաւ մրցումի աստղերէն մէկը` իր նոր դիրքին վրայ:
Այս յաղթանակը զգալի առաւելութիւն մըն է դարձի մրցումէն առաջ, որ տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին, Ռիկայի մէջ: Այս զոյգի վերջնական յաղթականը պիտի մրցի Մալթայի ախոյեան Ֆըրիանա եւ Իրլանտայի ախոյեան Շեմրոք Ռովըրզի մրցումին յաղթականին դէմ: