Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սամուէլ Տէրտէրեան Սքոփիէի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ընթացքին դարձաւ ոսկի մետալակիր:
Տէրտէրեան, որ մինչեւ 77 քկ կշիռի մրցումներուն կը մասնակցէր, շատ ինքնավստահ ելոյթ մը ունեցաւ եւ տիտղոսի ճամբուն վրայ ոչ մէկ կէտ չզիջեցաւ իր մրցակիցներուն:
Աւարտականին, Սամուէլ Տէրտէրեան մրցեցաւ ազրպէյճանցի Ճավիտան Նահմատովի դէմ եւ 4-0 արդիւնքով յաղթեց` շահելով ոսկի մետալը:
Տէրտէրեան արդէն իսկ բարձրացած էր միջազգային մրցաշարքի մը պատուոյ հարթակը, երբ ամիսներ առաջ շահած էր Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալը:
Սամուէլ Տէրտէրեան նախ 9-0 արդիւնքով յաղթած էր աւստրիացի Լարս Մաթթին, ապա քառորդ աւարտականին` Մոլտովացի Նիչիթա Ապուտոլին (9-0), կիսաւարտականին` շուէտացի Ռուբէն Ստրոակավետին (8-0), եւ ինչպէս նշեցինք աւարտականին` Ճավիտան Նահմարովին (4-0):
63 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալեքս Մարգարեան շահեցաւ արծաթէ մետալը: Մինչեւ աւարտական Ալեքս դուրս ձգած էր Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Պելոռուսիոյ եւ Յունաստանի ըմբիշները, բայց աւարտականին 12,3 արդիւնքով պարտուած ուքրանացի Մաքսուտ Սուլթանովէն:
Այս տարի նոյնպէս Մարգարեան շահած էր 20 տարեկանէն վար աշխարհի արծաթ մետալը:
55 քկ կշիռի մրցումներուն, Էտկար Պետրոսեան իր կարգին շահեցաւ արծաթէ մետալ: Պետրոսեան մինչեւ աւարտական դուրս ձգած էր Փորթուգալի, Ֆրանսայի եւ Ռումանիոյ ներկայացուցիչները: Աւարտականին Պետրոսեան առաւելութիւն ունէր իր ազրպէյճանցի մրցակից Էմին Ճաւատլիին վրայ, բայց վերջին պահուն թուշէի շարժումով Պետրոսեան կորսնցուց մրցումը: