2026-ի Մոնտիալ. Եգիպտոս Անարդար Պարտութիւն Կրեց Արժանթինէն (2-3). Քոլոմպիա Դուրս Մնաց Փենալթիներով

2026-ի Մոնտիալը տակաւին կը շարունակուի եւ 8 խումբեր հասած են քառորդ աւարտական, 6 եւրոպական, 1 հարաւային ամերիկեան եւ 1 ափրիկեան:

2022-ի ախոյեան Արժանթին կը մրցէր Եգիպտոսի դէմ, որ շատ լաւ կազմակերպուած պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր` վստահելով վտանգաւոր հակայարձակումներու:

15 վայրկեաններ հազիւ անցած էին, երբ Մարուան Աթիէի օդէն փոխանցումէն ետք Եասեր Իպրահիմ գլխու հարուածով գրաւեց Էմիլիանօ Մարթինեսի բերդը: Հազիւ 4 վայրկեան անցած, ֆրանսացի իրաւարար Ֆրանսուա Լեթեսիէ փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Արժանթինի:

Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսի զօրաւոր հարուածով փորձեց գրաւել Մուսթաֆա Շուպէյրի բերդը, սակայն վերջինս ցատկեց դէպի ձախ` զսպելով փենալթին:

7 վայրկեան ետք Լիվըրփուլի միջնապահ Ալեքսի Մաքալիսթըրի գլխու զօրաւոր հարուածն ալ զսպեց Շուպէյր: 31-րդ վայրկեանին ազատ հարուածով Մեսսի կրցաւ ցնցել Եգիպտոսի բերդին աջ սիւնը: 39-րդ վայրկեանին ալ Խուլիան Ալվարես փորձեց գրաւել Եգիպտոսի բերդը, բայց Շուպէյր միշտ ալ պատրաստ էր:

Բ. կիսախաղին մանաւանդ առաջին 15 վայրկեաններուն մրցումը քիչ մը ձանձրացուցիչ դարձաւ, ուր մէկ յստակ առիթ կար, երբ Մոհամետ Սալահի փոխանցումէն ետք Մուսթաֆա Զիքօ նշանակեց Եգիպտոսի երկրորդ կոլը: Մեսսի գանգատեցաւ իրաւարարին, թէ յարձակումի պահուն Լիսանտրօ Մարթինեսի վրայ «բան» մը կար… ՎԱՐ անմիջապէս միջամտեց եւ ֆաուլ նկատելով Մարուան Սթիէի վրայ, կոլը չվաւերացուեցաւ:

67-րդ վայրկեանին, նոյնինքն Զիքօ նշանակեց Եգիպտոսի 2-րդ կոլը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Հայսամ Հասանէն:

79-րդ վայրկեանին, Լիոնել Մեսսիի փոխանցումէն ետք, Քրիսթիան Ռոմերօ գլխու հարուածով նշանակեց Արժանթինի առաջին կոլը, օֆ-սայտի գիծէն չնչին առաւելութիւն ունենալով:

83-րդ վայրկեանին Արժանթին, որ աւելի լաւ սկսած էր խաղալու, կրցաւ հաւասարիլ Մեսսիի ռմբային հարուածին, որ դպնալէ ետք հորիզոնական ձողին նշանակուեցաւ Շուպէյրի բերդին մէջ:

92-րդ վայրկեանին Լաութարօ Մարթինեսի փոխանցումէն ետք Էնզօ Ֆեռնանտես նշանակեց Արժանթինի յաղթանակի կոլը, մինչ եգիպտացի մարզիկները կ՛առարկէին, որ արժանթինցի Մարթինես ֆաուլ կատարած էր եւ փենալթի կար Եգիպտոսի դէմ, կոլէն անմիջապէս առաջ:

Այստեղ իրաւարարը սկսաւ քարտեր բաժնել եգիպտացի մարզիկներուն` վտարելով Հայսամ Հասանը:

Եգիպտացիներուն գեղեցիկ երազը իրականանալու վրայ էր, բայց յաջողութեամբ չաւարտեցաւ: Մեսսի, որ Մոնտիալներու իր 21-րդ կոլը նշանակեց, այլ մրցանիշ մըն ալ «բարելաւեց»` կորսնցնելով իր 4-րդ փենալթին Մոնտիալներու պատմութեան մէջ: Ան 8 փենալթի հարուածած է` կորսնցնելով անոնց կէսը:

Արժանթին քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ, որ փենալթիներով պարտութեան մատնեց Քոլոմպիան: Մրցումը եղաւ շատ հետաքրքրական, ուր երկու խումբերն ալ առիթներ ունեցան, բայց առանց կոլ նշանակելու:

Տորթմունտի բերդապահ Կրեկոր Քոպել կարեւոր փենալթի մը զսպեց, մինչ քոլոմպիացի բերդապահ Քամիլօ Վարկաս չկրցաւ զսպել Զուիցերիոյ Ռուպեն Վարկասի փենալթին, որ յաղթանակը նուիրեց Զուիցերիոյ: Զուիցերիա 1954-ի Մոնտիալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր քառորդ աւարտական:

Leave a Comment