Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքի համայնքային խորհուրդի ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Շրջագծային համաձայնութիւնը միակողմանի համաձայնագիր է, որ Իսրայէլը արտասահմանի մէջ թելադրեց արտասահմանի եւ երկրին մէջ գտնուող լիբանանեան խումբի մը, որ իրաւաբանութեան ու դիւանագիտութեան մէջ սահմանափակ փորձառութիւն ունի»` շեշտելով, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը անկարելի է:
«Այս համաձայնագիրը թելադրանք է, եւ անոր մէջ իսրայէլեան հեռացումը չէ նշուած: Այս կը պատահի, երբ երկրին ճակատագիրը կը ստանձնեն կարգ մը խմբաւորումներ, որոնք միջազգային քաղաքականութեան մէջ փորձառութիւն չունին եւ միայն իշխանութեամբ հետաքրքրուած են», շեշտեց ան:
«Պետութեան կոչ կ՛ուղղեմ, որ եթէ կարելիութիւնը ունի, հարաւային Լիբանանի մէջ պատսպարման կեդրոններ պատրաստէ, թէեւ այդ մէկը մերժեցին եւ կը շարունակեն մերժել», նշեց Ժոմպլաթ:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա իր կարգին իր արտասանած խօսքին մէջ հարց տուաւ. «Մարտահրաւէրներու նկատմամբ ի՞նչ դիրքորոշում ունինք: Արտօնելի՞ է, որ թշնամիի հետ հակամարտութիւնը վերածուի ներքին հակամարտութեան: Բացի ատկէ, արտօնելի՞ է միակողմանի որոշումներ տալ կամ թերագնահատել Իսրայէլի մտադրութիւնները»:
«Պէտք է նախ եւ առաջ մեր խնդիրները լուծենք: Ամերիկան պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, եւ լիբանանեան բանակին օգնէ կայունութիւնն ու պետութեան գերիշխանութիւնը ապահովելու», ըսաւ ան: