Ըստ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան Հարցախոյզին. Լիբանանի Մէջ Սեփական Մարզին Մէջ Աշխատողներու Մէկ Երրորդը Գործազուրկ Է

Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը կը նշէ. «Աշխատողներու վերաբերեալ նոր տուեալները ցոյց կու տան աշխատանքի կարելիութիւններու կտրուկ կորուստներ, եկամուտներու անկում եւ աշխատատեղիներու անապահովութեան աճ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ կարիքը կայ արժանապատիւ աշխատանքը դարձնելու ճգնաժամի արձագանգման եւ անկէ դուրս գալու կեդրոնը»:

Ըստ կազմակերպութեան, անոր հրապարակած նոր զեկուցումը ցոյց տուած է, որ Լիբանանի մէջ վերջերս ծայր տուած ճգնաժամը լուրջ խաթարումներ յառաջացուցած է սեփական մարզի աշխատողներու կենսամակարդակի ապահովման գործին մէջ, որովհետեւ հարցախոյզի մասնակցողներուն մէկ երրորդը հարցախոյզի պահուն գործազուրկ էր, մինչդեռ կը գնահատուի, որ աշխատատեղիներու կորուստի եւ աշխատավարձերու անկումի հետ միասին աշխատանքային միջին եկամուտը նուազած է 40,5 առ հարիւրով:

 

 

Leave a Comment