Վատեֆուլ. «Լիբանան Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Եւ Իր Հողերէն Իսրայէլի Որեւէ Վտանգի Չենթարկուիլը Երաշխտաւորէ»

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ Լիբանանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց Հըզպալլայի դէմ դնելու եւ երկրի հարաւին վրայ պետութեան վերահսկողութիւնը վերականգնելու:

Վատեֆուլ, որ նախապէս զօրակցած էր Իսրայէլի հարաւային Լիբանան ներխուժման, բարձր գնահատեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրը:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը Երուսաղէմի մէջ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Կիտէոն Սահերի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանան պէտք է վճռակամութիւն ունենայ իր իշխանութիւնը տարածելու եւ երաշխաւորելու, որ Հըզապալլան հարաւային Լիբանանի վրայ որեւէ վերահսկողութիւն չունենայ»:

Վատեֆուլ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է «մասնաւորաբար երաշխաւորէ, որ Իսրայէլ լիբանանեան հողերէն որեւէ վտանգի չենթարկուի»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ողջունեց յառաջիկայ շաբաթ Հռոմի մէջ նախատեսուած ամերիկեան միջնորդութեամբ Իսրայէլ-Լիբանան բանակցութիւններու շարունակութիւնը, եւ խոստացաւ այդ երկխօսութեան եւրոպական ու գերմանական աջակցութիւն ապահովել:

Ան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ներկայիս ընթացող բանակցութիւնները որակեց «պատմական քայլ մը, որուն կարեւորութիւնը թերագնահատուեցաւ»:

 

Leave a Comment