Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է ՕԹԱՆ-ի մէջ դաշնակիցներու միջեւ պաշտպանական արդիւնաբերութիւններուն վրայ հաստատուած սահմանափակումները վերցնել»:
«Եւրոպացի դաշնակիցները պէտք է յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնեն ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան մէջ` առանց դաշինքի միասնականութեան վնասելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է ՕԹԱՆ-ի եւրոպացի անդամները Եւրոպական Միութեան անդամ չեղող դաշնակիցները պաշտպանութեան ծրագիրներէ հեռու չպահեն»:
«Ուքրանիան շտապ բաներու կարիք ունի, եւ անոր պահանջներուն կը զօրակցինք եւ կոչ կ՛ուղղենք` խաղաղութեան հաստատման համար Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան կապեր հաստատելու», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:
«Կը գնահատեմ իրանեան տագնապը, հակառակ խանգարման փորձերուն, լուծումի ուղիի վրայ դնելու համար իմ բարեկամ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին աջակցած խիստ դիրքորոշման», նշեց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ շեշտեց. «Շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Կազայի եւ Լիբանանի մէջ հանդարտութեան երաշխաւորման համար բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք»: