Նեթանիահու. «Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներ Ծախելը Միջին Արեւելքի Մէջ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը Կ՛ականահարէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ հակառակ իր եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ Իրանի շուրջ տարակարծութիւններուն, իրենք իսլամական հանրապետութեան վերաբերեալ գլխաւոր հարցերուն շուրջ համակարծիք են:

«Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու կարելիութեան կը կասկածիմ, սակայն նախագահ Թրամփին առիթ ընծայելը անհրաժեշտ կը նկատեմ, եւ համաձայնութիւն ըլլայ կամ ոչ հաստատօրէն Իրանին հիւլէական զէնքեր ձեռք ձգել պիտի չարտօնեմ», ըսաւ ան:

Իսրայէլի վարչապետը յայտնեց, որ կը կարծէ, թէ Թրամփ կրնայ իրանեան հիւլէական ծրագիրը դադրեցնել:

Նեթանիահու նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելը կ՛ականահարէ Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը:

«Թուրքիան թշնամական ախորժակներ ունի. խաղաղութեան ու կայունութեան աջակցող ուժ մը չէ, եւ եթէ «Էֆ-35» օդանաւեր ստանայ, թշնամական արարքներ պիտի ըլլան», շեշտեց Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանեան վտանգը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ Թեհրան տակաւին կարող է իր հիւլէական ծրագիրը վերականգնելու»:

Leave a Comment