Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատուն. «Սպիտակ Տունը Նախագահ Աունին 21 Յուլիսին Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու Պաշտօնական Հրաւէր Յղեց»

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Սպիտակ տունը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին պաշտօնական հրաւէր յղած է 21 յուլիսին Ուաշինկթըն այցելելու եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպում ունենալու:

Դեսպանատունը նշեց, որ այս հրաւէրը Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկարատեւ գործընկերութիւնը կ՛արտացոլացնէ եւ երկու նախագահներուն կարելիութիւն կու տայ քննարկելու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, որոնց շարքին` երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային անվտանգութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան, կայունութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ պետական հաստատութիւններուն:

«Այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատան կողմէ Լիբանանի նախագահութեան եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ սերտ համագործակցութեամբ իրականացուած աշխուժ դիւանագիտական ջանքերէ ետք` բարձրագոյն մակարդակներու վրայ երկկողմանի երկխօսութիւնը ամրապնդելու եւ այս պաշտօնական այցելութեան յանգեցուցած համաձայնութիւնները դիւրացնելու նպատակով», ըսաւ դեսպանատունը:

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը նշեց, որ այժմ Լիբանանի նախագահական պալատի, Սպիտակ տան ու արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտ գործակցութեամբ կը համակարգէ նախագահի այցելութեան տարբեր երեսները` երկկողմանի ժողովի յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար:

Աուն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Ուաշինկթըն Սպասուող Այցելութիւնս Եւ Թրամփի Հետ Հանդիպումս Լիբանանի Համար Դրական Արդիւնքներ Տան»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատի մէջ Լիբանանցի գործարարներու միջազգային համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով նշեց. «Բանակցութիւնները ընտրեցի, որովհետեւ չեմ կրնար դիտել հայրենիքս, երբ ան այլ երկրի մը շահերուն սիրոյն դէպի անդունդ կ՛առաջնորդուի, եւ պէտք էր կատարէի քայլ մը, որ կրնայ դադրեցնել իսրայէլեան քանդումի եւ բնաջնջման մեքենան, վերջ տալ կեանքի եւ գիւղերու կորուստին եւ վերջաւորութեան վերացնել բռնագրաւումը»:

«Այս քայլը զօրակցութիւնը կը վայելէ լիբանանցիներու մեծամասնութեան, ներառեալ շիի համայնքը, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմներուն մեծագոյն գինը վճարեց», աւելցուց ան:

«Կը շարունակենք մեր որդեգրած որոշումին մէջ, եւ լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ պահպանեն Լիբանանի նկատմամբ իրենց հաւատքը, որովհետեւ քաջ գիտեմ, թէ հարցերը, հակառակ խոչընդոտներուն ու դժուարութիւններուն, դէպի աւելի լաւ կ՛ուղղուին, եւ մեր բառարանին մէջ անկարելի բառը չկայ», ըսաւ նախագահը:

«Ուաշինկթըն սպասուող այցելութենէս ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումէս Լիբանանի համար դրական արդիւնքներ կը նախատեսեմ, որովհետեւ անոնք գործնական արտայայտութիւնն են Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան աննախադէպ հետաքրքրութեան եւ Միջին Արեւելքի ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման հոլովոյթին Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան», նշեց Աուն:

 

Leave a Comment