Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւններուն շեշտեց. «Կրինլանտը ծախու չէ»:
«Երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահին մտիկ ըրի եւ կը կարծեմ, որ այս հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը դժբախտաբար շատ յստակ է, եւ մեր դիրքորոշումն ալ սկիզբէն յստակ է», ըսաւ ան:
Թրամփ երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ դարձեալ շեշտեց, որ Կրինլանտը պէտք է «Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ» ըլլայ, սակայն այդ դիրքորոշումը վերահաստատեց, առանց տարուան սկիզբը կատարած սպառնալիքները կրկնելու: