Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի վերաբերեալ իր հռետորաբանութեան մէջ մագլցում արձանագրելով երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի աւարտը յայտարարեց` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն Թեհրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել: Ան այս մասին յայտարարեց Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Իրանի հետ Փոխըմբռնման յուշագիրը վերջ գտաւ», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով. «Չեմ ուզեր Իրանի հետ ժամանակ վատնել»:
Ան իրանցիները «հիւանդներ» որակեց` զանոնք ամբաստանելով ստախօսութեամբ եւ խարդախութեամբ, եւ զանոնք նկատեց շրջանին մէջ «խնդիրներու աղբիւրը»:
Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ իրանցիները «հազարաւորներ սպաննեցին», եւ զանոնք «աւազակախումբ» որակեց:
Ան իրանցիները ամբաստանեց ամերիկացի ղեկավարներ, ներառեալ զինք անձամբ թիրախաւորելու, Ծոցի մէջ սէուտական ու քաթարեան նաւերու վրայ հրթիռարձակում կատարելու յանցանքով` նշելով, որ այդ յարձակումները ականահարեցին երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած փոխըմբռնումի հիմերը:
Մինչ այդ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ իր ուժերը Իրանի դէմ նոր յարձակումներ գործած են եւ թիրախահար զէնքերով աւելի քան 80 թիրախ հարուածած են` հակադարձելով Հորմուզի նեղուցէն անցնող առեւտրական նաւերու վրայ Իրանի կատարած յարձակումներուն:
Հրամանատարութիւնը նշեց, որ իրանեան յարձակումները «անարդարանալի են» եւ զինադադարի համաձայնութեան «յստակ ու վտանգաւոր խախտումներ», ինչպէս նաեւ նաւարկումի ազատութիւնը կը սահմանափակեն:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ պատրաստ պիտի ըլլայ Իրանը հաշուետուութեան ենթարկելու, եթէ համաձայնութիւնը չյարգէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց` երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով, եւ ըսաւ, որ Թեհրան «լուրջ կերպով կը զգուշացնէ» Ուաշինկթընի համաձայնութիւնը խախտելու հետեւանքներէն` ընդգծելով, որ Իրան իր շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար «վճռական քայլեր» պիտի որդեգրէ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երեքշաբթի գիշեր յետս կոչեց իրանեան քարիւղի վաճառքի արտօնագիրը: