2026-ի Մոնտիալ. Ռոնալտօ Եւ Փորթուգալ Դուրս Մնացին. Պելճիքա Դուրս Ձգեց Միացեալ Նահանգները (4-1)

Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա Մոնտիալի Գ. հանգրուանի իր մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Փորթուգալը եւ հասաւ քառորդ աւարտական:

Մրցումը եղաւ բաւական հաւասարակշռուած, ուր Սպանիա ընդհանրապէս կը տիրապետէր, բայց կոլ նշանակելու առիթները գրեթէ հաւասար էին առաջին կիսախաղին:

Բ. կիսախաղը աւելի զգուշ էր, ուր երկու խումբերն ալ աւելի հաշիւով կը խաղային: Բաղդատմամբ առաջին կիսախաղին, մրցումը աւելի հանդարտ էր: Փորթուգալ շատ առիթներ ունէր հակայարձակումներով վտանգելու Սպանիոյ խումբը, սակայն մարզիչ Ռոպերթօ Մարթինես շատ ուշ դաշտ ներկայացուց Ֆրանսիսք Քոնսեսաոն ու Ռաֆայէլ Լէաոն, որոնք շատ աւելի արագ էին, քան Ժոաօ Ֆիլլիքան ու Փետրօ Նեթոն:

85-րդ վայրկեանին Միքել Մերինօ դաշտ ներկայացաւ: Արսենալի միջնապահը կրցաւ Ֆեռան Թորեսի փոխանցումէն լաւապէս օգտուիլ եւ 91-րդ վայրկեանին նշանակել մրցումին միակ կոլը:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 3 առիթ ունէր կոլ նշանակելու, արցունքը աչքերուն յայտնեց, որ ասիկա իր վերջին Մոնտիալն էր, բայց շատ հպարտ կը զգայ ազգային խումբին հետ իր ներկայացուցածով, եւ 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսն ալ նոյն մակարդակի տիտղոս մըն է, ինչպէս Մոնտիալը:

Սպանիա քառորդ աւարտականին (ուրբաթ օր ժամը 22:00-ին) պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ, որ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգները:

Հիւրընկալ երկիրներ Քանատայի եւ Մեքսիքայի պարտութիւններէն ետք, Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին դուրս մնացին Գ. հանգրուանէն:

Մրցումի առաջին վայրկեանէն Պելճիքա շատ լուրջ ձեւով սկսաւ, եւ Շարլ Տէ Քեթելար նշանակեց 9-րդ վայրկեանին` օգտուելով Նիքոլա Ռասքինի փոխանցումէն:

21-րդ վայրկեանին Ամատու Օնանա վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Հանս Վանաքենով, որ աւելի ուշ եղաւ մրցումի հերոսներէն` նշանակելով Պելճիքայի 3-րդ կոլը եւ կատարելով Ռոմելու Լուքաքուի 4-րդ կոլի փոխանցումը: Մինչ այդ, Մալիք Թիլման նշանակած էր Միացեալ Նահանգներու հաւասարութեան կոլը (1-1), բայց Տէ Քեթելար 2 վայրկեան ետք անգամ մը եւս նշանակած էր ի նպաստ Պելճիքայի: Աթալանթայի յառաջապահին երկու կոլերը եւ մէկ էսիսթը պատճառ դարձան, որ ան ընտրուի մրցումի լաւագոյն մարզիկը:

Օրուան մը դադարէ ետք, վաղը երեկոյեան ժամը 23:00-ին Ֆրանսա քառորդ աւարտականի առաջին ելոյթին պիտի մրցի Մարոքի դէմ, ուրբաթ օր երեկոյեան ժամը 22:00-ին Սպանիա պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ, իսկ կիրակի երեկոյեան ժամը 12:00-ին Նորվեկիա պիտի մրցի Անգլիոյ դէմ:

Leave a Comment