Պասքեթպոլ. Հայաստանի Պատանիները Յաջորդական Յաղթանակներ Կ՛արձանագրեն

Հայաստանի պասքեթպոլի պատանիներու (16 տարեկանէն վար) հաւաքականը Երեւանի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:

Խմբային փուլի իրենց առաջին մրցումին Հայաստանի պատանիները 98-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անտորրայի հաւաքականը:

Հանդիպումի լաւագոյն մարզիկն էր Անթոնի Սարգսեան, որ 22 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգած է:

Հայաստանի պատանիները իրենց երկրորդ մրցումին 109-56 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ճիպրալթարի դէմ մրցումին:

Անգամ մը եւս Սարգսեան 22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգելով ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը: Լաւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Տիմիթրի Հաճեան, որ 23 կէտ նշանակեց, եւ այսօր ազգային խումբը իր 3-րդ ելոյթը պիտի ունենայ Մալթայի դէմ:

Leave a Comment