ԿԱՐՕ Կ.
Վերջերս ֆութպոլի աշխարհը, մանաւանդ Մոնտիալի ընթացքին, ցաւալի մթնոլորտ մը ստեղծած է:
ՖԻՖԱ-ն, որ իբրեւ թէ ֆութպոլի «հայր»-ն է եւ ինք պէտք է ըլլայ արդարութիւն տարածողը, կարծէք վաճառականներու ձեռքը մնացած է:
Ազգային խումբեր 4 տարին անգամ մը կը սպասեն Մոնտիալին, եւ հազարաւոր կամ միլիոնաւոր համակիրներ իրենց ետին կը պայքարին շահելու Մոնտիալը:
Հինէն ի վեր սխալ որոշումներ կը տրուէին, իրաւարարներ կը սխալէին` չէինք գիտեր դիտմամբ թէ անգիտակցաբար, բայց ֆութպոլը համը չէր փախցներ… Մանաւանդ այս Մոնտիալին, ուր ամէն ինչ արդիականացած է, եւ դաշտին բոլոր անկիւններէն կը նկատուի ամէն ինչ, իսկ իրաւարարներու կողքին սենեակի մէջ այլ իրաւարարներ կան, որոնք «իբրեւ թէ» պէտք է օգնեն դաշտին կեդրոնի իրաւարարին` պաստառներուն վրայ դիտելով եւ «նոյնիսկ սխալ մը չըլլալու համար», ինչպէս յայտնած էր Ճիանի Ինֆանթինօ:
Մոնտիալի աւարտին մօտ 10 օրեր մնացած են, եւ պիտի սկսին քառորդ աւարտականի մրցումները, բայց այդ սենեակի` ՎԱՐ-ի իրաւարարներուն «գործին եկած» որոշումները միայն կը վաւերացուին, մինչ այլ տեղեր կարմիր քարտ ստացած ամերիկացի մարզիկի մը կարմիր քարտը չեղեալ կը նկատուի, պարզապէս որովհետեւ այդ երկրի նախագահը այդպէս առաջարկած էր:
Ֆութպո՞լ, քաղաքականութի՞ւն, վաճառականութի՞ւն: Նայինք, թէ իրապէս Լիոնել Մեսսիի Արժանթինը պիտի հասնի՞ Մոնտիալի աւարտականին, ինչպէս ցոյց կու տան բոլոր նշանները: