Ժրատէ Երկխօսութեան Սեղանի Շուրջ Նստելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Երեսփոխան Էլիաս Ժրատէ «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային համաձայնութիւնը համաձայնութեան ուղի ճշդելու մտադրութիւն է, սակայն եթէ համաձայնութեան ընթացքը մեղմութեամբ` առանց Լիբանանի ժողովուրդի զոհողութիւններն ու տառապանքները նկատի ունենալու եւ առանց փոխադարձ պահանջներու մշակուի, հարցը կը վերածուի զիջումի եւ ոչ թէ բանակցութեան»:

Պատասխանելով Հըզպալլայի առանց պետութեան գիտակցութեան երկու պատերազմներ շղթայազերծելուն մասին հարցումի մը` երեսփոխանը ըսաւ. «Եթէ պատասխանատուութիւն կրողը Հըզպալլան է, թող ան բանակցի»:

«Հարաւային Լիբանանի զաւակը տասնամեակներէ ի վեր իր հողը կը պաշտպանէ, ուստի պետութիւնը կա՛մ կը նկատէ, որ ինք առնչակից չէ եւ հարցին առնչակիցը թող առաքելութիւնը շարունակէ, կա՛մ ալ պետութիւնը ինքզինք պատասխանատու կը նկատէ եւ լիբանանցի ժողովուրդի զոհողութիւնները կը պաշտպանէ ու անոնց տէր կը կանգնի», յայտնեց ան:

Ժրատէ կոչ ուղղեց «գումարելու երկխօսութեան սեղան մը` լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարի հասնելով միացեալ դիրքորոշում որդեգրելու համար, որովհետեւ բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի ուժը ատիկա է»:

 

Leave a Comment