Հաժ Հասան. «Համաձայնութեան Մասին Իշխանութիւններու Բացատրութիւնները Կասկածները Չփարատեցին, Այլ Զանոնք Աւելցուցին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ այն, ինչ որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ, «ամօթալի համաձայնութիւն, անձնատուութիւն, նուաստացում, անպատուութիւն եւ ամերիկեան ճնշման տակ իսրայէլացի թշնամիին ենթարկուիլ» է:

Ան նշեց, որ համաձայնութեան բնագիրին ծանօթանալէ եւ հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի բացատրութիւնները լսելէ ետք, աւելի եւս համոզուած է, թէ «այն, ինչ որ անոնք ըրին, սխալ է»:

«Փորձեցիք բացատրել, սակայն երանի չընէիք, որովհետեւ կացութիւնը աւելի վատ դարձուցիք», ըսաւ երեսփոխանը:

Անոր համաձայն, լիբանանեան իշխանութիւնները «չկրցան ծածկել իրենց գործած սխալը»` աւելցնելով, որ համաձայնութեան մասին անոնց բացատրութիւնները կասկածները չփարատեցին, այլ զանոնք աւելցուցին:

Հաժ Հասան հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին կոչ ուղղեց` յստակ դիրքորոշում յայտնելու` նշելով. «Եթէ գաղտնի յաւելուած չկայ, ատիկա յստակ կերպով լիբանանցիներուն յայտարարեցէք, իսկ եթէ կայ, ապա անիկա սկզբնական սխալին կողքին յաւելեալ սխալ մըն է, որովհետեւ իսրայէլացիներուն եւ ամերիկացիներուն հետ լիբանանցի ժողովուրդէն հարցեր կը պահէք»:

Երեսփոխանը ըսաւ, որ պաշտօնատարները պարտաւոր են այս հարցը հասարակական կարծիքին յստակացնելու` նշելով, որ անորոշութեան շարունակութիւնը համաձայնագիրի իրական բովանդակութեան վերաբերեալ մեծ հարցականներ կը յառաջացնէ:

 

Leave a Comment