Մոնտիալի մրցումները հետզհետէ հետաքրքրական կը դառնան: Կիրակի գիշեր տեղի ունեցաւ սպասուած մրցումը` 5 անգամ աշխարհի ախոյեան Պրազիլի եւ Էրլինկ Հաալանտի Նորվեկիոյ միջեւ:
Պրազիլ առաջին կիսախաղին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ առիթներ ստեղծեց, նոյնիսկ փենալթի մըն ալ կորսնցուց, երբ Նիւքեսըլի միջնապահ Պրունօ Կիմարայեշի փենալթին զսպեց Նորվեկիոյ բերդապահ Օրիան Նիլանտ: Պէտք է ըսել, որ վերջինս եղաւ Նորվեկիոյ հերոսներէն` զսպելով 4 ստոյգ առիթներ, որոնց կարգին` Վինիսիուսի, Էնտրիքի եւ նոյնիսկ Կիմարայեշի հարուածները:
Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Պենֆիքայի յառաջապահ Անտրէաս Շյելտէրուփ, որուն 2 փոխանցումները կոլի վերածեց «Վայքինկ» Հաալանտ:
Կորսուած վայրկեաններուն Նէյմար փենալթի մը իր նպատակին հասցուց, եւ Նորվեկիա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտական:
Արդիւնքը այդքան ալ անակնկալ չէր, եթէ բաղդատենք 1998-ի նոյն ճակատումին, ուր Նորվեկիա յաղթած էր նոյն արդիւնքով խումբի մը դէմ, որ ունէր Ռոնալտոն, Պեպեթոն, Ռիվալտոն, Ռոպերթօ Քարլոսն ու Քաֆուն:
Օրուան յաջորդ մրցումին, երէկ առաւօտեան ժամերուն, Մեքսիքա 2-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Անգլիայէն: Մեքսիքա Մոնտիալի իր պատմութեան առաջին պարտութիւնը կրեց «Ազթէք» դաշտին վրայ:
Ճուտ Պելինկհամ երկու արագ կոլեր նշանակեց 90 երկվայրկեաններու ընթացքին, բայց 4 վայրկեան ետք Խուլիան Քուինոնես նշանակեց Մեքսիքայի առաջին կոլը:
Բ. կիսախաղին սկիզբէն հազիւ 9 վայրկեան անցած Ճերըլ Քուանսա քիչ մը կարծր ֆաուլ գործեց եւ կարմիր քարտ ստացաւ: 6 վայրկեան ետք Հերի Քէյն փենալթիով նշանակեց Անգլիոյ 3-րդ կոլը, որմէ ետք Մեքսիքա բուռն յարձակումներու դիմեց: 66-րդ վայրկեանին Պրայըն Կութիերես ֆաուլի ենթարկուեցաւ, եւ փենալթի ի նպաստ Մեքսիքայի: Փենալթին կոլի վերածեց Ռաուլ Խիմենս:
Մեքսիքա փորձեց փոխադարձել, բայց Անգլիա 10 մարզիկներով դիմացաւ եւ հասաւ քառորդ աւարտական, ուր շաբաթ գիշեր ժամը 12:00-ին պիտի մրցի Նորվեկիոյ մէջ: