Ծանր կշիռի անյաղթ բռնցքամարտիկ Թեմուր Մամոյեան վստահ քայլերով կը մօտենայ մեծ մենամարտերու: Հայաստանի 34 տարեկան ներկայացուցիչը հերթական նաք-աութով յաղթանակը արձանագրեց Գերմանիոյ Էսեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին:
Մամոյեան երկրորդ ռաունտին յաղթեց Տոդորչէ Ցվետկովին: Անոր յաջորդական 12-րդ յաղթանակն էր արհեստավարժ բռնցքամարտի մենամարտերուն, որոնց բոլորն ալ տարած էր նաք-աութով:
Մամոյեանի համար այս յաղթանակը դարձաւ եւս մէկ կարեւոր քայլ` ծանր կշիռի կարգին մէջ: Ան արդէն կը տիրապետէ «Տապըլեու. Պի. Էյ. Ինթըրնեշընըլ Կոլտ» գօտիին եւ ընդհանուր դասաւորման 13-րդ դիրքը կը գրաւէ: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկը կը գտնուի աշխարհի բռնցքամարտի լաւագոյն կազմակերպութիւններէն մէկուն լաւագոյն 15-ին մէջ եւ աստիճանաբար կը մօտենայ ամէնէն բարձր մակարդակի մենամարտերուն:
Իրավիճակը յատկապէս հետաքրքրական կը դառնայ Մուրատ Գասիեւի համար, որ «Տապըլեու. Պի. Էյ.»-ի ծանր կշիռի աշխարհի ախոյեանն է: Եթէ Մամոյեան շարունակէ յաղթել եւ բարձրանալ դասաւորման մէջ, մօտիկ ապագային կրնայ կարելիութիւն ստանալ պայքարելու ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
Յատկանշական է, որ Մամոյեանէն զատ 2 ուրիշ հայ բռնցքամարտիկներ աւելի բարձր դիրքեր կը գրաւեն, ուր Վարդան Յարութիւնեան 5-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Գուրգէն Յովհաննիսեան` 8-րդ:
Թեմուր Մամոյեան հայաստանցի Եզիտի է, որ վերջերս կը մարզուի Գերմանիոյ մէջ: Հակառակ անոր որ ան 34 տարեկան է եւ միայն 4 տարի առաջ սկսած է մասնակցիլ արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցումներուն, սակայն անոր 12 մենամարտներն ալ, որոնք նաք-աութով աւարտած են, իրապէս կը փաստեն անոր ուժը: