Բռնցքամարտ. Սարուխանեան Եղբայրներ Յաղթանակներ Տարին

Հայ բռնցքամարտիկ Վահէ Սարուխանեան յաղթանակ արձանագրեց «Այ. Պի. Էյ. Նոմետ 15» մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ օր Ալմաթիի մէջ (Ղազախստան):

Սարուխանեան մենամարտ մը ունեցաւ ղազախ մարզիկ Աբզալ Բերեկուլիի դէմ եւ յաղթեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով: Մենամարտը տեղի ունեցաւ բռնցքամարտի կանոններով, բայց «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ձեռնոցներով:

Վահէ Սարուխանեանի համար այս յաղթանակը դարձաւ հերթական յաջող ելոյթը իրեն համար նոր ձեւաչափով: Սարուխանեան մեծ փորձառութիւն ունի արհեստավարժ բռնցքամարտին մէջ, ուր անոր մրցանիշը 22 յաղթանակ, 4 պարտութիւն եւ 2 հաւասարութիւն է: Սակայն վերջին երկու տարիներուն ան աւելի կը մասնակցի տարբեր ոճի մարզաձեւերու, ինչպէս` առանց ձեռնոցներու մենամարտերու եւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ձեռնոցներով բռնցքամարտի:

Հակառակ ձեւաչափի փոփոխութեան, հայ մարզիկը շուտով յարմարած է նոր պայմաններուն եւ կը շարունակէ կանոնաւոր յաղթանակներ արձանագրել: Բերիկուլիի դէմ մենամարտը անգամ մը եւս փաստեց, որ Սարուխանեան շատ հանգիստ կը զգայ բիրտ եւ արագ մենամարտերուն, որոնց ընթացքին կը պահանջուի ոչ միայն դասական բռնցքամարտ թեքնիք, այլ նաեւ ոչ բնական պայմաններու մէջ արագ յարմարելու ունակութիւն:

Աւելի ուշ անոր եղբայրը` Վլատիմիր Սարուխանեան հանդիպեցաւ Սուլթան Շարիպովի եւ ծայր աստիճան հետաքրքրական մենամարտի աւարտին յաղթեց ոչ միաձայն որոշումով:

Վլատիմիր Սարուխանեան իր եղբօր նման «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ձեռնոցներով կատարեց մենամարտը, որ նոր բան մըն էր իրեն համար: Անյաղթ հայ մարտիկը, որուն արհեստավարժ մրցանիշը 20 յաջորդական յաղթանակ է, բռնցքամարտի նոր ձեւաչափին գծով կրցաւ յաղթանակ տանիլ լարուած պայքարի ընթացքին:

 

Leave a Comment