Ըմբշամարտ. Գալուստ Թորոսեան Պիտի Չմասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան…

Հայկական ծագում ունեցող ամերիկաբնակ ըմբիշ Գալուստ Կրեկորի Թորոսեան պաշտօնապէս հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերելէ ըմբշամարտի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու հաւաքականի անդամ եւ «Եու. Էս. Օփըն 2026»-ի տարիքային (17 տարեկանէն վար) ախոյեանը պէտք էր մասնակցէր այս ախոյեանութեան Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին հետ, սակայն ան որոշեց չմասնակցիլ:

Թորոսեան բացատրեց իր այս որոշումը ապահովական մտահոգութիւններով:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Գալուստ Թորոսեան նշեց, որ աշխարհի ախոյեանութեան չմասնակցելու որոշումը եղած է կեանքի ամէնէն ծանր որոշումներէն մէկը: Անոր համար Միացեալ Նահանգները ներկայացնելը միշտ մեծ պատիւ եղած է, բայց Ազրպէյճան մեկնիլը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուց իր ընտանիքին համար:

Թորոսեան յայտնեց, որ իբրեւ ամերիկահայ եւ քրիստոնեայ չի կրնար անտեսել Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքի վտանգները:

Իր յայտարարութեան մէջ ան նաեւ յիշատակած է հայկական քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը, հայ գերիներու արգելափակումը, ինչպէս նաեւ հայերու նկատմամբ թշնամական քարոզչութիւնը:

Մարզիկը նշած է, որ որոշումը պայմանաւորուած չէ վախով, այլ` սկզբունքային դիրքորոշում է, պատասխանատուութիւն:

Թորոսեան նշեց նաեւ, որ Ըմբշամարտի միջազգային միութեան կողմէ պատշաճ արձագանգի պակաս կար:

Առանձին անդրադառնալով իրավիճակին` ամերիկահայ ըմբիշը նշած է, որ այս կէտը աւելի բարդացած է, մանաւանդ որ միութիւնը պատշաճ հաղորդակցութեան բացակայութիւն ունէր:

Թորոսեան քանի մը նամակներով ընդգծած էր անվտանգութեան հարցերը եւ խնդրած էր, որ պարզաբանուին այդ բոլորը, եւ թէ ի՛նչ միջոցներու պիտի դիմուէր մարզիկներու պաշտպանութեան համար:

Ըստ Թորոսեանի, նաեւ նամակներ ղրկուած էր մարզիկներու յանձնախումբի նախագահ Արսէն Ջուլֆալակեանին, որ սակայն չէր պատասխանած, անշուշտ ըստ Թորոսեանի:

Նշենք, որ աշխարհի ըմբշամարտի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ, 27 յուլիսէն 2 օգոստոս:

 

Leave a Comment