Հեծելարշաւ. Ֆրանսայի Շրջավազքը Սկսաւ Պարսելոնայէն

Հեծելարշաւի տարեշրջանի ամէնէն կարեւոր շրջավազքը` «Թուր տը Ֆրանս»-ը (Ֆրանսայի շրջավազք) սկսաւ շաբաթ օր, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին:

113-րդ «Թուր տը Ֆրանս»-ի այս տարուան գլխաւոր թեկնածուներն են Սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար եւ դանիացի Եոնաս Վինկըկոր: 4 անգամ ախոյեան Փոկաչար Զուիցերիոյ շրջավազքը շահեցաւ վերջերս, մինչ Վինկըկոր «Ժիրօ տ՛Իթալիան» շահեցաւ: Անշուշտ թեկնածուներու կարգին են նաեւ պելճիքացի Ռեմքօ Էվենեփուլ, գերմանացի Ֆլորիան Լիփովից, մեքսիքացի Իզաք Տել Թորօ Ռոմերօ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի Փոլ Սեսաս:

Կանաչ շապիկի համար (կէտերու դասաւորում) հաւանական է, որ պայքարին պելճիքացի Եասփեր Ֆիլիփսեն – Էրիթրիացի Պինիամ Կիրմէյ, ինչպէս նաեւ պելճիքացի Թիմ Մերլիէ եւ նետերլանտցի Օլաւ Քույ, մինչ ճերմակ շապիկի (երիտասարդ վարորդներու դասաւորում) համար գլխաւոր թեկնածուներն են Պել Թորօ եւ Սեսաս:

Առաջին հանգրուանը, ինչպէս նշեցինք, տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ, ուր դանիացի Եոնաս Վինկըկոր Վիսմա խումբին հետ շահեցաւ առաջին դիրքը եւ հագուեցաւ դեղին շապիկը:

Իտալացի Ֆիլիփօ Կաննա, Նեթքոմփանի Ինէոս խումբին հետ շահեցաւ 2-րդ դիրքը` 8 երկվայրկեանով ետ մնալով Վինկըկորէն, մինչ Փոկաչար գրաւեց 3-րդ դիրքը Էմիրէյթց խումբին հետ` 16 երկվայրկեան ետ մնալով Վինկըկորէն:

Leave a Comment