2026-ի Մոնտիալը կը մօտենայ իր կարեւոր հանգրուաններուն, ուր Մարոք յաջորդաբար երկրորդ Մոնտիալը ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտական:
2022-ին կիսաւարտականին հասնելէ եւ 4-րդ դիրքը գրաւելէ ետք, Մարոք նոյն ճամբուն վրայ կը գտնուի, եւ շաբաթ օր Գ. հանգրուանին 3-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ տարաւ հիւրընկալ երկիրներէն Քանատայի դէմ:
Հակառակ արդիւնքին, Քանատա ինք էր, որ աւելի լաւ կը խաղար, մանաւանդ առաջին կիսախաղին, բայց վստահաբար փորձառութեան պակասով դժուար էր կոլ նշանակելը:
Բ. կիսախաղին Քանատա շարունակեց տիրապետել, բայց Մարոք աւելի լաւ էր մանաւանդ հակայարձակումներու առումով, որոնց ընթացքին Ժերոնայի միջնապահ Էզէտտին Ունահի երկու կոլ նշանակեց, մինչ 3-րդ կոլը նշանակեց Սուֆիան Ռահիմի, որ մրցումի 22-րդ վայրկեանին փոխարինած էր վիրաւորուած Իսմայիլ Սայպարին: Պայերն Միւնիխին նոր միացած Սայպարի, որ Մարոքի առաջին երեք մրցումներուն երեք կոլ նշանակած էր եւ Նետերլանտներու դէմ վճռական փենալթին ալ նշանակած էր, ըստ երեւոյթին պատռած է իր սրունքի ետեւի մկանը:
Քառորդ աւարտականին Մարոքի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ֆրանսա, որ մեծ դժուարութիւն ունեցաւ դուրս ձգելու Փարակուէյը:
Ֆրանսա, որ այս Մոնտիալի գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն է, լաւ ձեւով խաղցաւ, բայց Փարակուէյ կարծր ֆութպոլով եւ պայքարի ոգիով դիմացաւ: Հարցը հոն է, որ մրցումին իրաւարարը ըստ երեւոյթին 1982-ականներու ոճով ֆութպոլ կը կառավարէր, եւ փոխանակ պաշտպանելու յաճախ ֆաուլի ենթարկուած ֆրանսացիները, կարծէք կը քաջալերէր կարծր ֆութպոլը:
Աւելի՛ն. ֆրանսացի մարզիկներ դեղին քարտեր ստացան: 70-րդ վայրկեանին Տեզիրէ Տուէ, որ մօտ 10 վայրկեան առաջ դաշտ ներկայացած էր, ֆաուլի ենթարկուեցաւ, բայց Ուզպեք իրաւարար Թանթաշեւ շարունակեց մրցումին ընթացքը: Սակայն ՎԱՐ-ը` միջամտեց եւ առաջարկեց, որ պաստառին վրայ կրկնութիւնը տեսնէ: Փենալթին անխուսափելի էր, եւ Քիլիան Էմպափէ պատրաստ էր զայն նշանակելու: 19-րդ Մոնտիալի կոլը նշանակելով ան մնաց Լիոնել Մեսսիի ետին, որ օր մը առաջ նշանակած էր Քափէ Վերտէի դէմ իր 20-րդ կոլը (Մոնտիալներու ընթացքին):
Անցեալ մոնտիալի տիտղոսակիր Արժանթին ուրբաթ առաւօտեան ժամերուն պէտք ունեցած էր երկարաձգման` դուրս ձգելու համար Քափէ Վերտէն, որ իր առաջին Մոնտիալի մասնակցութեան շատ յիշատակելի ելոյթներ ունեցաւ` հաւասարութիւններ խլելով Սպանիոյ (0-0) եւ Ուրուկուէյի (2-2) դէմ մրցումներուն:
Մեսսիի կոլէն ետք Տուարթէ կրցած էր հաւասարութեան կոլը նշանակել եւ երկարաձգման ընթացքին Մարթինես արդիւնքը բարձրացուցած էր 2-1-ի նպաստ Արժանթինի: Լոփես Քապրալ գեղեցիկ կոլով մը կրցած էր անգամ մը եւս հաւասարիլ: Սակայն 111-րդ վայրկեանին Քափէ Վերտէի յետսապահ Տինի Պորկես սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Մեսսիի ուղարկած քոռնըրը:

Աւելի կանուխ Եգիպտոս փենալթիներով դուրս ձգած էր Աւստրալիան: Քոլոմպիա իր կարգին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Կանան` հասնելով 1/8-րդ աւարտական:
Այսօր Փորթուգալ ժամը 22:00-ին պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ, քառորդ աւարտականի տոմսի համար: Վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն (ժամը 3:00-ին) Միացեալ Նահանգներ պիտի մրցին Պելճիքայի դէմ: Վաղը երեկոյեան ժամը 19:00-ին Արժանթին պիտի մրցի Եգիպտոսի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 23:00-ին Զուիցերիա պիտի մրցի Քոլոմպիայի դէմ: