Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Իալ Զամիր երէկ հիւսիսային շրջանի հրամանատար Ռաֆի Միլոյի, 36-րդ զօրամասի հրամանատարի, Կոլանի զօրամասի հրամանատարի, մասնայատուկ ուժերու հրամանատարի, «Եահզլոմ» միաւորի հրամանատարի եւ շարք մը զինուորական հրամանատարներու ընկերակցութեամբ այցելեց Շքիֆի շրջան եւ «Պոֆորի լեռնաշղթայ», ուր յայտարարեց, թէ իր ուժերը Հարաւային Լիբանանի Շքիֆի շրջանին մէջ ընդարձակ տարածքներու կը վերահսկեն, ինչպէս նաեւ փապուղիներու համակարգի մը, որ Հըզպալլա կառուցած էր տասնամեակներու ընթացքին` սպառնալով «արագ յարձակում» կատարել, եթէ զինադադարը խախտուի:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, թէ Զամիր շրջանին մէջ մարտական շրջապտոյտ եւ ծանօթացում կատարած է, ինչպէս նաեւ մուտք գործած գետնին տակ գտնուող ճամբայ մը, որ ըստ իսրայէլեան բանակին, իր ուժերը յայտնաբերած են Շքիֆի շրջանին մէջ, եւ այդտեղ հանդիպում ունեցած է իսրայէլացի զինուորներու հետ:
Զամիր նշեց, որ Շքիֆի շրջանը «ռազմավարական դիրք մըն է, որ կը տիրէ իր շրջապատին»` աւելցնելով, որ անիկա «զինուորական ենթակառոյցներով լեցուն է»:
Ըստ անոր, Հըզպալլան, «իրանեան ֆինանսաւորումով եւ ուղղորդումով տասնամեակներու ընթացքին փապուղիներու ընդարձակ համակարգ եւ գետնի տակ ենթակառոյցներ կառուցած է` հիւսիսային գիւղերուն սպառնալու նպատակով»:
Ան աւելցուցած է, որ իսրայէլեան ուժերը այսօր կը վերահսկեն «գետնի երեսը գտնուող գլխաւոր դիրքերուն, ինչպէս նաեւ գետնին տակ գտնուող այս համակարգին»` նշելով, որ իսրաէլեան բանակը կը շարունակէ տեղակայուած մնալ լիբանանեան հողերէն ներս դիրքերու վրայ, հակառակ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորած համաձայնութեան ստորագրման:
Զամիր ըսած է, թէ Շքիֆի շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերու գործունէութիւնը ընդհանուր առմամբ «համաձայնութեան եւ անոր հիմամբ համաձայնեցուած մեքանիզմներուն համահունչ է»` պնդելով, որ ատիկա հիւսիսային Իսրայէլի գիւղերու բնակչութեան դէմ «սպառնալիքներու վերացման շարունակուող ջանքերու» ծիրին մէջ է:
Ան նշած է, որ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ «հիւսիսի բնակչութեան պաշտպանութեան» աշխատանքը, եւ մարտական ցուցմունքները «յստակ են»` «մեր ուժերուն եւ գիւղերուն որեւէ սպառնալիք պէտք է անմիջապէս յարձակումի ենթարկուի` զայն վերացնելու նպատակով»:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը իր խօսքը 36-րդ զօրախումբին ուղղելով ըսած է, թէ իրենց աշխատանքը «յարձակողական էր», եւ անոնք «Լիթանին անցած եւ թշնամին անակնկալի մատնած» են` աւելցնելով, որ գոյացած համաձայնութիւնը կարելի դարձած է «շնորհիւ մարտիկներուն եւ գործողութիւններուն, որոնց վերահսկեց հիւսիսի շրջանի հրամանատարութիւնը` շրջանին մէջ գործող բոլոր խումբերուն հետ գործակցաբար»:
Զամիր պնդած է, որ իսրայէլեան բանակին իրագործած «զինուորական ձեռքբերումները, տկարացուցին ուժասպառ Հըզպալլան, որ մեր ուժերուն դէմ իր մղած իւրաքանչիւր ճակատամարտի եւ բախումի ընթացքին պարտութեան մատնուեցաւ»` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը «ալեւս իր իրանցի հովանաւորին կը սպասէ, որպէսզի զինք փրկէ»: