Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շարք մը լրագրողներու հետ նիստի մը ընթացքին նշեց. «Ձեզի ըսեմ, թէ ես Իսրայէլին սիրահարուած չեմ, սակայն ինծի տուէք որեւէ այլընտրանք մը, որպէսզի զայն որդեգրեմ»: Այս մասին հաղորդեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը:
«Այս շրջագիծին ընդդիմացողներուն կ՛ըսեմ` կը սպասեմ որեւէ լուծումի կամ համաձայնութեան, որ մեզ պատերազմներէն դուրս կը բերէ», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով համաձայնութեան տապալման վերաբերող խօսակցութիւններուն` հանրապետութեան նախագահը նշեց. «Այսօր պայմանները 17 մայիսի համաձայնագիրի պայմաններէն տարբեր են, եւ չմոռնանք, թէ ինծի հետ բոլոր կապ հաստատողները ողջունեցին այս քայլերը»: