Իրանի Դէմ Պատերազմին Պատճառած Վնասները

Միացեալ Նահանգներու հանրային ձայնասփիւռի կայանը` «Էն.Փի.Ար.»-ը ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է, լուսարձակի տակ առնելով Իրանի եւ Լիբանանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին վնասները:

Ըստ կայանին հաւաքած տեղեկութեանց, աւելի քան 3300 իրանցիներ եւ 3826 լիբանանցիներ սպաննուած են, 60 իսրայէլացիներու եւ Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ արձանագրուած տասնեակներով զոհերու կողքին: Սպաննուած են նաեւ 13 ամերիկացի զինուորներ:

Պատերազմը ծանր վնասներ հասցուցած է միջազգային եւ ամերիկեան տնտեսութեան: Սղաճին եւ յատկապէս ուժանիւթի գիներու աճին պատճառով, ամերիկացի քաղաքացիները մօտաւորապէս 132 միլիառ տոլարի վնաս կրած են:

Նաեւ, Համաշխարհային դրամատան տուեալներով, 2026-ի համաշխարհային տնտեսական աճը միայն 2,5 տոկոս պիտի ըլլայ, ինչ որ նուազագոյն մակարդակն է «Քորոնա» համաճարակէն ի վեր: Այդ համեմատութիւնը միայն 1,3 տոկոս պիտի ըլլայ Ծոցի արաբական երկիրներուն համար, որոնք 2025-ին 4,5 տոկոսով տնտեսական աճ արձանագրած էին:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մայիսի կիսուն հաղորդած տուեալներուն, պատերազմին ծախսերը 30 միլիառ տոլարի կը հասնին, սակայն մասնագէտներու համաձայն, ծախսերուն ընդհանուր գումարը նշեալին առնուազն կրկնապատիկն է:

Leave a Comment